Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/175

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տեխնիկում՝ ճարտարագիտական մասնագիտութիւններով:

Սկիզբը, այն կարծիքը կար, որ երկրի համար լաւագոյնն է ունենալ համալսարան, որպէս մշակոյթի զարգացման եւ բարձրացման անհրաժեշտ յենարան: Սակայն, վերջին տարիներու ընթացքին, երբ Կովկասի բնական հարստութիւնները սկսան լայնօրէն շահագործուիլ, երբ առաջ եկան բամպակի ու բրինձի մշակոյթի, ինչպէս նաեւ ջրմուղիներու կառուցման խնդիրներ, միտքերը սկսան թեքիլ դէպի մասնագիտական բարձրագոյն դպրոցի անհրաժեշտութիւնը, ճարտարագիտական իր բոլոր ճիւղերով։

Նախ՝ պէտք էր անհրամեշտ գումարը հայթայթել, պէտք էր ձեռք բերել կառավարութեան հաւանութիւնը եւ որոշել թէ ո՞ւր պէտք էր հիմնել դպրոցի բազմաթիւ շէնքերը։

Այս բոլոր խնդիրներու մէջ, ինձ եւս վիճակուեցաւ մասնակցութիւն բերել: Եւ ես կը յիշեմ շատ բնորոշ դէպքեր, որ տեղի կունենային աշխատանքներու եւ բանակցութիւններու ընթացքին:

Սկսիմ միջոցներու հայթայթումէն։

Պէտք է ըսեմ, որ կառաւարութեան հաւանութիւնը ստանալը մեծապէս կախուած էր այն միջոցներէն, զորս Կովկասը պիտի յատկացնէր դպրոցի համար: Թիֆլիսը տուած էր իր լուման։ Կովկասի միւս քաղաքները՝ Բաթումը, Երեւանը, Քութայիսը, իրենց աղքատիկ բիւղջէով, կրցան մասնակցիլ որը երկու հազար ռուբլիի, որը տասը հազար ռուբլիի օժանդակութեամբ:

Կը մնար Բագան, որ կարող էր մեծապէս օգնել