Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/176

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ձեռնարկին, շնորհիւ իր նաւթային հարստութիւններուն։ Բացի քաղաքային վարչութենէն, Բագուի մէջ կը գործէր եւ Նաւթարդիւնաբերողներու վարչութիւնը։ Առաջինը իր ռուս քաղաքագլուխով կը գտնուէր թաթարներու ազդեցութեան տակ, մինչդեռ երկրորդի մէջ՝ կը գերիշխէին հայերը։

Պէտք է ըսել, որ Փոխարքայ Վորոնցով—Դաշկովը կողմնակից էր Կովկասի մէջ բարձրագոյն դպրոցի հաստատման: Եւ այդ պատճառով, ազատօրէն ձեռնարկեցինք միջոցներու հայթայթման. ինչ որ մեծապէս պիտի դիւրացնէր մեր գործը՝ կեդրոնէն իրաւունք ստանալու, քանի որ ունենալով մեր դրամագլուխը, պիտի չծանրանայինք ռուսական գանձարկզի բիւդջէին վրայ։

Որոշեցինք երթալ Բագու:

Քաղաքային վարչութեան կողմէն գնացինք երեք հոգի. ես իբրեւ քաղաքագլուխ, հայազգի իշխան Թումանովը՝ ռուսական «Նավոյէ Օբոզթենիէ» թերթի խմբագիրը եւ վրացի Գօտուան՝ վրացական «Վերածնունդ» թերթի խմբագիրը։

Բագուի մէջ մեզ ցոյց տուին լաւ ընդունելութիւն։ Կայարան էին եկած մեզ դիմաւորելու՝ քաղաքագլուխը եւ քանի մը պատգամաւորներ:

Այդ ժամանակ, Բագուի մէջ մեծ դեր կը խաղար իմ եղբայրս՝ Կոստանդին Խատիսեանը, որ նախագահն էր Բագուի Տեխնիքական Միութեան, Հայոց Բարեգործական ընկերութեան եւ քաղաքային ինքնավարութեան անդամ: Անոր միջոցով ծանոթացայ տեղական հայ մտաւորականներու եւ անոնց տրամադրութիւներուն հետ։