Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/177

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Շուտով սկսանք մեր այցելութիւնները: Ամէնէն առաջ տեսակցեցանք քաղաքային ինքնավարութեան անդամ՝ Հաճի Զէյնալ Աբդուլ Թաղիեւի հետ, որուն ազդեցութիւնը շատ մէծ էր քաղաքի բոլոր գործերու վրայ։ Թաղիեւը հասարակ քարտաշէն, իր բնական խելքի շնորհիւ, դարձած էր Բագուի ամէնէն հարուստ մարդը եւ ամէնէն ազդեցիկը: Իր հարստութիւնը կը ծառայեցնԷր բարեգործութիւններու: Հիմնած էր կերպասի գործարան մը եւ իր գործունէութեան համար ստացած էր ռուս կառավարութեան կողմէ քաղաքացիական ժեներալի աստիճան։ Ամուսնացած էր շատ գեղեցիկ, երիտասարդ եւ լաւ կրթուած թրքուհիի մը հետ: Գիտէինք, որ առանց Թաղիեւի համաձայնութեան, պիտի չկրնանք յաջողիլ քաղաքային ինքնավարութեան մէջ։

Թաղիեւ, մեր գալուստի միւս օրը, մեզ հրաւիրեց ճաշի. իսկ երեկոյեան, նշանակուած էր քաղաքային ինրնավարութեան ժողով։ Ճաշի հրաւիրուած էին ե՛ւ ինքնավարութեան բոլոր անդամները, շուրջ 70 հոգի։ Մեզ դիմաւորեցին պատուոյ ճառերով։ Ես պատասխանեցի իրենց շնորհակալութեամբ եւ պարզաբանեցի մեր գալու նպատակը: Թաղիեւը վեր ելաւ եւ երկու խօսքով ըցսաւ.

«Ձեր յեռնարկած գործը մօտ է մեր սիրտին։ Մենք կը յատկացնենք ձեզ 400.000 ռուբլի»։

Կեցցէներու տարափի տակ, Թաղիեւը նստեցաւ:

Շատ բնորոշ երեւոյթ մըն էր այս։ Դեռ ինքնավարութեան նիստը չգումարուած՝ մասնաւորւ ճաշի մը ընթացքին, մէկ մարդ կը կարգադրէր խնդիրը:

Երեկոյան գնացինք նիստի։ Քաղաքագլուխը,