Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/178

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բանալով ժողուվը, ներկայացուց մեր առաջարկը։ Ես ճառ մը արտասանեցի։ Թաղիեւը՝ խօսք առնելով՝ առաջարկեց ժողովին յատկացնել Թիֆլիսի պոլիտեխնիկա մի համար 400,000 ռուբլի։ Միաձայնութեամբ եւ առանց միտքերու փոխանակութեան, ընդունւեցաւ Թաղիեւի առաջարկը։

Միւս օրը, նոյն խնդիրը գրել էինք արդէն նաւթարդիւնաբերողներու ընկերութեան առջեւ: Այստեղ մեծ ազդեցութիւն ունէին եղբայրք Ղուկասեանները։ Քանի մը ճառերէ ետք, այս հարցին ալ որոշւեցաւ տրամադրել մեզ պոլիտեխնիկումի համար 400,000 ռուբլի։ Այսպիսով, մեր նպատակները կիրագործուէին։ Բազուն լայնօրէն կաջակգէր մեզի։

Որոշեցինք անձամբ ներկայանալ Թաղիեւին եւ շնորհակալութիւն յայանել իրեն՝ իր աջակցութեան համար: Թաղիեւ մեզ շատ սիրալիր ընդունեց եւ քիչ յետոյ խնդրեց ինձ անցնել իր առանձնասենեակը դէմ դիմաց խօսելու համար:

Այստեղ պէտք է պատմեմ շատ բնորոշ մէկ փաստ: Թաղիեւը ունէր սան մը, որ իր հաշուով սովորած էր ճարտարագիտութիւն։ Սանի անունն էր Բերութով։ Երիտասարդ ճարտարապետի եւ Թաղիեւի նոյնպէս երիտասարդ կնոջ միջեւ սկսեր էին մտերմական յարաբերութիւններ։ Ծերունի Թաղիեւը կատաղեր էր ու պատուիրեր էր իր ծառաներուն՝ Բերութովի այցելութեան ժամանակ՝ կապել զայն եւ լաւ մը ծեծել։ Ծառաները այդպէս ալ ըրած էին. բայց գործը շուտով յայտնի կը դարձեր քաղաքի մէջ եւ Թաղիեւը կանչուեր էր դատական պատասխանատուութեան։ Չնայած իր 70 տարուան հասակին, չնայած իր գոր–