Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/179

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ծերուն եւ ազդեցութեան, դատարանը վճռեց բանտարկել Թաղիեւը։

Իր առանձնասենեակի մէջ, Թաղիեւը խնդրեց ինձ անմիջապէս հեռագրել Փոխարքային, թէ ինք՝ Թաղիեւը՝ մեծապէս աջակցած է պոլիտեխնիկումի գործին։ Ան գիտէր, որ Փոխարքան կողմնակից է բարձր դպրոցի կառուցման եւ կուզէր այդ միջոցով անոր համակրանքը շահիլ։ Յետոյ, Թաղիեւը ի միջի այլոց ըսաւ, որ կուզենար Փոխարքայի միջամտութիւնը ցարի առաջ իր վրայ դրուած պատիժը վերացնելու համար:

Թիֆլիս հասնելուս պէս, խնդրեցի Փոխարքայէն, որ խնդրէ ցարի աջակցութիւնը եւ ծերունի Թաղիեւը ազատեցաւ բանտարկութեան պատիժէն:

Մենք արդէն ունէինք մէկ միլիոնէ աւելի դրամ, որ կընդգրկէր նաեւ քաղաքային հողերու վաճառքէն ստացուած հասոյթները: Պէտք էր այժմ ստանալ ցարի համաձայնութիւնը եւ որոշել քաղաքի մէջ դպրոցի տեղը:

Վերջին հարցը առաջին իսկ օրէն առաջ բերաւ ծայրայեղ ազգային կիրքեր։Քաղաքային վարչութեան յատկացուցած հողամասը կը գտնուէր Հաւլաբարի մէջ, ուր կը բնակէին հայերը։ Այս հողը քաղաքի բյուրային մասին մէջ էր։ Վրաց ազնուականութիւնը կը յատկացնէր ուրիշ հողամաս մը, նոյնպէս 200 հէկտար, բայց քաղաքի ցած մասին մէջ։ Երկու կողմերն ալ, թեր ու դէմ պատճառաբանութիւններ կը բերէին: Հասարակական մթնոլորտը թունաւորուած էր։ Հասարակական գործիչները, մամուլը, ժողովուրդը ամբողջ թափով եւ կիրքով կը մասնակցէին վէճին :