Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/18

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րութիւններ, ինչպէս նաեւ ազգային. մշակութային եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Նրկայ եղան նաեւ ուքրանացիներ եւ դաղստանցիներ՝ հրաժեշտ տալու իրենց պաշտօնակից եւ միեւնոյն ատեն պետական աքսորական դէմքի մը, որ համակ նուիրումով տրամադրուեցաւ իր ազգի արդար պահանջներու կենսագործման աշխատանքներուն։

2. ՔԱՂԱՔԱԳԷՏ-ԴԻԻԱՆԱԳԷՏԸ

«[Խատիսեան] ատեղծուած էր հասարակական– քաղաքական գործունէութեան համար»[1]։ Այսպէս կը հաստատէ իր ժամանակակիցներէն՝ Ս. Վրացեանը երթ կը խօսի Խատիսեանի բնաւորութեան, խառնուածքին եւ նկարագրին մասին։ Իրօք, Խատիսեանի քաղաքական գործունէութիւնն ու կեանքը կը վկայեն անոր քաղաքագէտի հմտութիւնն ու դիւանագէտի ճկունութիւնը:

Խատիսեան ունէր դիւանագէտի հոտառութիւն։ Իրատես էր կըմբռոնէր դէպքերու եւ իրերու հոլովոյթին եղանակն ու թափը։ Ստանձնած պատասխանատուութիւնները եւ պետական պաշտօնները կը ծառայեցնէր ժողովուրդին՝ անոր պահանջներուն ու կարիքներուն հասնելու նպա–

  1. «Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան 1890-1950 հրատ. Հ. Յ. Դ. Բիւրայի Դասըն, 1950, էջ 537: