Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/180

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ամիսներ շարունակ, միտքերը զբաղած էին այս հարցով։ Բագուն եւ Քութայիսը նոյնպէս խառնուեցան վէճին եւ հարցը կամաց—կամաց դարձաւ Հայ-վրացական ընդհարումներու խնդիը։

Խնդիրը վերջնականապէս պիտի որոշէր Փոխարքան։ Ան կազմեց 16 հոգիէ բաղկացած յանձնաժողով մը, անդամակցութեամբ գիտնականներու եւ բարձր պաշտօնեաներու: Յանձնաժողովը լայնօրէն պիտի ուսումնասիրէր խնդիրը եւ իր կարծիքը յայտնէր Փոխարքային։ Յանձնաժողովը քննեց խնդիրը ի նկատի առնելով տեղի երկրաբանական վիճակը, քամիներու ուղղութիիւնը, խոնաւութիւնը, հաղորդակցական միջոցները, կարծես թէ կորոշուէր պետակասն նշանակութիւն ունեցող կարեւոր հարց մը։

Քաղաքային հողամասը իր պաշտպաններն ունեցաւ յանձինս գիտնականներու եւ Բագուի քաղաքային գործիչներու եւ որոշուեցաւ պոլիտեխնիկումը կառուցանել քաղաքային հողամասի վրայ, այսինքն՝ հայկական թաղին մէջ, առ այդ, հայ—վրացական յարաբերութիւնները երկար ժամանակ մնացին լարւած:

Կը մնար վերջին խնդիրը՝ ցարի հաւանութիւնը։

Քաղաքային խորհուրդի որոշումով, ես մեկնեցի Փեթերպուրգ՝ տանելով ինձ հետ քանի մը դիմումներ։ Առաջինը՝ բարձրագոյն դպրոցի դիմումն էր. երկրորդը՝ գաւառային ինքնավարութիւններու խնդիրը, որու մասին յիշատակեցի նախորդ գլուխի մէջ. երրորդը կը վերաբերէր երդուեալ դատաւորներաու հաստատման. իսկ չորրորդը՝ մեծ ճամբու շինութեան խնդիրն էր։ Ճամբան Կովկասեան լեռնաշղ—