Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/181

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թայէն անցնելով, պիտի միացնէր Թիֆլիսը Վլադիկաւկազին, եւ պիտի ունենար 20 վերստ երկարաութեամբ գետնուղի մը, որով 24 ժամուան փոխարէն՝ Վլադիկաւկազ կարելի պիտի ըլլար երթալ ընդամէնը չորս ժամուան ընթացքին։

Հետս առնելով բոլոր վաւերաթղթերը եւ ունենալով Փոխարքայի համակրանքը բոլոր խնդիրներու հանդէպ, մեծ հաւատքով ճամբայ ելայ դէպի փեթերպուրգ:

Նախարարներու խորհրդի նախագահը այդ ժամանակ Ստոլիպինն էր, որ յետոյ սպաննուեցաւ յեղափոխական—պրովոկատորի մը ձեռքով: Ստոլիպինը ինձ ընդունեց բաւական սառը։ Պէտք է ըսել, որ Ստոլիպինի եւ փոխարքայ Վորոնցով—Դաշկովի յարաբերութիւնները նոյնպէս սառն էին։ Ստոլիպինը ըսաւ, թէ Փոխարքան Կովկասի մէջ որդեգրած է շատ մեղմ քաղաքականութիւն մը եւ թէ բոլոր խնդիրներու շուրջ անմիջականօրէն դիմումներ կընէ ցարին։ Ստոլիպիինը ինձ կր նայէր որպէս այնպիսի երկրէ մը եկած պատգամաւորի, որ իրեն լրիւ կերպով չի հպատակիր: Լսելով իմ դիմումները, ան ըսաւ.

«Կը զարմանամ, պրն. Թիֆլիսի քաղաքագլուխ, որ նման հարցերով դուք ինձ մօտ էք եկած։ Կովկասի մէջ դուք ունիք մէկը, որ ցարի պէս բան մըն է ձեզ համար։ Ան կրնար վճիռներ կայացնել այս բոլոր խնդիրներու մասին»։

Քիչ մը լռութենէն ետք, աւելցուց.

«Կոմսը ինձ գրած է այդ բոլորի վերաբերեալ՝ յայտնելով ինձ միաժամանակ եւ ձեր գալու մասին: Ինչ կը կերաբերի բարձրագոյն դպրոցին, ես