Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/183

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

դրութիւնները, որպէսզի իրենք քննութեան առնեն յարուցածս խնդիրները։

Գիտէի, որ Փեթերպուրկի մէջ ինձ կը սպասէր ծանր, անհաւասար պայքար։ Յոյսս կոմս Վորոնցով—Դաշկովի ծանոթութիւններն էին եւ իր բարեկամական նամակները, ուղղուած նախարարներու խորհրդի նախկին նախագահ՝ կոմս Վիտտէին եւ ֆինանսներու նախարար Կոկովցեւին:

Առաջին այցելութիւնս ըրի Վիտտէին, որ 1906 թուին Ռուսաստանին տուաւ առաջին սահմանադրութիւնը եւ որ ամենահզոր իշխողն էր այն ժամանակուան Ռուսաստանի։ Վիտտէն այժմ մոռցուած էր կարծես, սակայն մտերիմ էր ցարին ինչպէս եւ Վորոնցով—Դաշկովին, որովհետեւ երկուքն ալ նախարարներ էին եղած ոշ միայն իր, այլեւ իր հօր՝ Աղեքսանդր Գ.-ի թագաւորութեան օրօք։ Վիտտէն եւ Վորոնցով—Դաշկովը կը կազմէին ռուս բիւրոկրատիի ազատասէր թեւը:

Վիտտէն զիս ընդունեց գանգատներով, որ այսօրուան իշխանութիւնը երկիրը կը տանի դէպի յետադիմական կարգեր եւ կը նպաստէ երկրի յեղափոխական տարրերու զարգացման։ Ինք՝ Վիտտէն՝ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունի այսօրուան իշխանաւորներու վրայ, ապա եւ անզօր է ինձ օգնելու որեւէ կերպ։

Երկրորդ այցելութիւնս եղաւ Կոկովցեվին, որ Ստոլիպինի սպանութենէն ետք դարձաւ նախարարներու խորհրդի նախագահ։ Կոկովցեւր դէմ արտայայտուեցաւ Կովկասի բարձրագոյն դպրոցի ծրագրին: Իր կարծիքով, ուսանողները ոչինչ կը սովորին։ Զանոնք միայն կը հետաքրքրէ դպրոցի վկայա–