Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/184

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կանը։ Ուրեմն, կարիք չկայ, որ մասնագէտ փրոֆեսորներ զբաղին դասախօսութիւններով, երբ ուսանողութիւնը միեւնոյնն է, պիտի չլսի զանոնք։ Կովկասցիները միշտ կարող են, եթէ ցանկանան, Ռուսաստանի մէջ շարունակել իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը։

Այստեղ ալ անյաջողութեան մատնուեցի: Վճռեցի գնալ Պետական Խորհրդի նախագահ՝ Գուշկովի մօտ, խնդրելու իր աջակցութիւնը՝ Ստոլիպինի վրայ ազդելու համար:

Գուչկովը առաջնորդն էր Պետական Խորհրդի ամենամեծ կուսակցութեան՝ Հոկտեմբերեանականներու, որ որպէս պահպանողական կը պաշտպանէին Ստոլիպինը։ Այդ կուսակցութիւնը բաղկացած էր մեծ կալուածատէրներէ եւ ունեւորներէ: Ինձ կը թուէր, թէ Գուչկովը պիտի կարողանայ ազդել Ստոլիպինի վրայ։ Սակայն, Գուչկովը դէմ արտայայտուեցաւ գաւառական ինքնավարութիւններու հաստատման՝ պատճառաբանելով, որ այդ ինքնավարութիւնները պիտի դառնան ազգային օճախներ եւ վտանգ պիտի հանդիսանան Ռուսաստանի ամբողջութեան գաղափարին:

Գուչկովը այսօր Փարիզ է եւ իր ուժերու ներածին չափ կը գործէ բոլշեւիկներու դէմ՝ փոքրիկ գրքոյկներ հրատարակելով։

Քիչ մը մանրամասնօրէն կանգ առի այն ժամանակուան Ռուսաստանի իշխանաոորներու առարկութիւններու եւ կարծիքներու վրայ, որպէսզի ցոյց տամ, թէ ինչպէս կառավարութիւնը իր կոյր ու յետադէմ քաղաքականութեամբ կը նպաստէր յեղափոխա–