Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/185

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կան տրամադրութիւներու զարգացման եւ աճման։ Ոստիկանութիւնը, ժանտարմերիան, զօրքը եւ երկրի մութ ուժերը, համախմբուած «ռուս ժողովուրդի միութեան» մէջ, իր յենարանը կը կազմէին։

Հետագայ դէպքերը ցոյց տուին որ այդ ուժերը մատը մատի չզարկին 1917 թուին՝ փրկէլու համար թագաւորն ու գահը:

Այսպիսով, կառավարական շրջանակներու մէջ ես պաշատպանութիւն չգտայ։

Որոշեցի դիմումներ ընել Պետական Դումայի ձախակողմեան կուսակցութիւններու պետերուն եւ ազդեցիկ թերթերու խմբագիրներուն։ Տեսնուեցայ յայտնի փրոֆեսոր Կովալեւսկիի եւ Միլիւկովի հետ։ Պետական Դումայի մէջ, ձախ հոսանքները անվերջ պայքար կը մղէին կառավարութեան դէմ՝ մեր նոյն սկզբունքներու համար, բայց ապարդիւն։ Անոնք եւս կուզէին մամուլի ու խօսքի ազատութեան միջոցով գործունէութեան կանչել երկրի ազատասէր տարրերը: Բայց կառավարութեան ականջները խուլ էին նրանց ձայների հանդէպ: Ստոլիպինը կըսէր անոնց.

«Դուք կուզէք մեծ փլուզումներ. մենք կուզենք մեծ Ռուսաստան»:

«Չէք վախեցներ», — կըսէր այն պատգամաւորներուն, որոնք ցոյց կու տային երկրի մէջ ծայր տուող գիւղացիական անբաւականութիւնները: Ահաբեկումներու եւ սպանութիւններու դէմ ան կը պայքարէր կախաղաններով։ Այս վերջինները այնպէս կը գործէին, որ Պետական Դումայի մէջ մէկը անոնց անունը դրած էր «Ստոլիպինեան փողկապներ»։

Ես կը տեսնէի այդ բոլորը, բայց ի՞նչ կարող էի