Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/186

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ընել։ Քաղաքագլուխի հանգամանքը կը ստիպէր ինձ օրինական ճամբաներով ընթանալ եւ օրինական ձեւերով իշխանութեան հասկցնել ժողովուրդի պահանջները։ Եւ ուրիշ ճամբայ չունէի, բայց եթէ իշխանութեան ճամբան, չնայած որ լաւ կը ճանչնայի յետադէմ իշխանութիւնը եւ ատելութեամբ լցուած էի անոր հանդէպ։

Փեթերպուրգ հասնելուս մէկ շաբաթ ետք, հրաւէր ստացայ ներկայանալու նախարարներու օգնականներու նիստին, որուն կը նախագահէր լուսաւորութեան նախարար Կասսոն, ծագումով յոյն։

Նախքան այդ ժողովին գնալս, այցելութիւն տուի մեծ իշխան Նիկոլայ Միխայլովիչին, Կովկասի նախկին Փոխարքայի որդուն, որ Ռուսաստանի մէջ յայտնի էր որպէս լաւ պատմաբան եւ որպէս կրթուած ու ազատասէր մեծ իշխան։ 1919ին, բոլշեւիկները զինք ալ գնդակահարեցին: Մեծ իշխանը կը ճանչնար հայրս եւ մեր ամբողջ ընտանիքը։ Հաճոյքով լսեց խնդիրքս, բայց ըսաւ, որ ոչինչ կարող է ընել:

Զինք պարզելով դէպի Ձմեռային Պալատը, ուր կապրէր ցարը, մեծ իշխանն ըսաւ.

«Այնտեղ ինձ լսող չկայ։ Զիս չեն այ սիրեր։ Ես կը սիրեմ Կովկասը. այնտեղ եմ անցուցեր մանկութիւնս ու յաճախ կերթամ Կովկաս։ Բայց ի՞նչ կարող եմ ընել»։

Մեծ իշխանը 1916ին ցարին զգուշացուցեր էր, թէ ի՞նչ մեծ վտանգի է ենթակայ գահն ու թագաւորի