Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/189

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

քին գործող նախարարութիւնը, վերջացուց ան, դէմ է Թիֆլիսի մէջ բարձրագոյն դպրոց բանալու ծրագրին»։

Միւս նախարարութիւններու ներկայացուցիչներն ալ առանց պատճառաբանելու դէմ արտայայտւեցան: Միայն կոմս Իգնատեւը՝ հողագործութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը՝ ի նպաստ Կովկասի խօսեցաւ: Ան առաջ բերաւ Կովկասի հողագործական իւրայատուկ պայմանները, ուր կը բուսնին բրինձ, բամբակ, թութուն եւ պտղատու ծառեր: Մեր խնդիրքը մերժուեցաւ:

Վերադարձայ Թիֆլիս, Փեթերպուրգի մէջ կարգադրելէ ետք տնտեսական քանի մը աննշան խնդիրներ։

Զեկուցեցի Քաղաքային Խորհրդին՝ Փեթեերպուրգի մէջ կատարած աշխատանքներուս մասին։ Զեկուցեցի ե՛ւ Փռխարքային: Կոմս Վորոնցով—Դաշկովը ըսաւ. «Կասսոն մեծ ճամբու վրայի աշխատողներէն է»։

Ի՞նչ պէտք է ընել։ Երկար մտածելէ ետք, վճռեցի նորէն դիմել փոխարքային։ Իրեն ըսի, որ Կովկասի ժողովուրդը գիտէ, թէ Փոխարքան կողմնակից է պոլիտեխնիկումի բացման եւ որպէսզի իշխանութեան վարկը չիյնայ ժողովուրդի աչքին, պէտք է որ Փոխարքան անձամբ դիմէ ցարին եւ ստանայ անոր թոյլատրութիւնը Փոխարքան Համաձայնեցաւ ինձ հետ: Խոստացավ Ղրիմի մէջ հանդիպիլ ցարին եւ անձամբ խնդրել անոր համաձայնութիւնը:

Այդպէս ալ եղաւ. 1913 Սեպտեմբերին, Փպխարքան Ղրիմէն բերաւ պոլիտեխնիկումի բացման իրա–