Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/19

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տակով։ Առանձնապէս ուշագրաւ են քաղաքապետի եւ վարչապետի պաշտօնավարաթեանց շրջաններուն իր արձանագրած բեղուն իրագործումները։

Թիֆլիսի քաղաքային Խորհուրդի անգամ ընտրուելէն քանի մը տարի ետք, Կովկասի բազմացեղ մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիսը կանցընէր տագնապալից շրջան մը, որ հետեւանք էր 1905-1904 ռուս-ճափոնական պատերազմին։ Խատիսեան կը յաջողի հաւասարակշռել ազգային եւ կուսակցական տարամերժ կիրքերն ու մոլեռանդ ծայրայեղութիւնները:

1906ին, իբրեւ Թիֆլիսի նորընտիր քաղաքագլուխի օգնական, Ալ. Խատիսեան յաջողութեամբ կաւարտէ իր առաջին փորձ քննութիւնը։ Փաստօրէն, քաղաքապետի պաշտօն կը վարէ մանաւանդ որ քաղաքագլուխը՝ Չերքեզով՝ հիւանդութեան պատճառով յաճախ կը բացակայէր պաշտօնատունէն։ Երիտասարդ Խատիսեան կը յայտնաբերէ աշխոյժ եւ բացառիկ կարողութիւն: Առաջին տարիներէն սկսեալ երեւան կը բերէ քաղաքագէտի շնորհներ եւ արժանիքներ, որոնք ամրապնդուած են աշխատունակութեան. ճարտարութեան եւ նախանձախնդրութեան ոգիին վրայ։

Իբրեւ քաղաքապետ. Ալ. Խատիսեան լիովին կարդարացնէ այդ մակարդակի անձնաւորութիւններէն ակնկալուող սպասումները եւ պատասխանատուութիւնները: Իր յաջողութեան եւ ժողովրդականութեան գաղտնիքը թերեւս կը բա–