Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/190

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ւունքը։ Թիֆլիսը հանդիսաւոր ընդունելութիւն ըրաւ Փոխարքային: Ես ճառ մը խօսեցայ՝ բարի գալուստ ըսելով։ Օրը սարսափելի անձրեւային էր։ Ամբողջ վեց ժամ սպասեցինք իր գալուն։ Մրսեցի եւ կէս տարի շարունակ հիւանդ եղայ։

Շէնքը սկսաւ կառուցուիլ։ Բայց մէկ տարի ետք, փրթաւ մեծ պատերազմը եւ շինութիւնը յետաձգւեցաւ:

Յետոյ տեղի ունեցաւ յեղափոխութիւնը. կազմւեցան կովկասեան հանրապետութիւնները եւ Թիֆլիսի մէջ բացուեցան երկու համալսարան եւ մէկ պոլիտեխնիկում։

Բագուի մէջ նոյնպէս բացուեցաւ մէկ համալսարան. իսկ Հայաստանի Ալեքսանդրապոլ քաղաքի մէջ բացուեցաւ հայ անդրանիկ համալսարանը, որուն վարիչը դարձաւ իմ մօրեղբայրս՝ փրոֆ. Ղամբարեանը։ Ես ներկայ էի այդ համալսարանի բացման, արդէն որպէս ներկայացուցիչ Հայաստանի Հանրապետութեան:

Երդուեալ դատաւորներու խնդիրն ալ իրականացաւ կովկասեան ժողովուրդներու անկախութեան օրերուն։ Իսկ երկաթուղագիծի հարցը դեռ մինչեւ այսօր ալ կը մնայ չլուծուած:

Այնուհետեւ, քանի մը անգամներ գացի Փեթերպուրգ, բայց բոլորովին ուրիշ խնդիրներու համար։ Նոր հարցեր էին ասպարէզ նետուել. ընդհանուր պետական նշանակութիւն ունեցող հարցեր, բայց սերտօրէն կապուած Կովկասի իրականութեան հետ: Այդ հարցերը այնքան կարեւոր են, որ կանդրադառնամ անոնց առանձին—առանձին: