Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/192

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խարտային իմ որոշումը։ Ան իր հաւանութիւնը տուա: Այն ժամանակ, հարցուցի, թէ ինչո՞ւ է կոմոր դէմ Օրմանեանի թեկնածութեան։ Փոխարքան պատասխանեց, որ Սուրէնեանը ռուսահայ է, կը ճանչնայ մեզ, մեր լեզուն, դաշնակցականներու թեկնածուն է, որոնց կը ճանչնանք, իսկ Օրմանեանը թրքական տիպի խորամանկ դիւանագէտ մըն է, որմէ կարելի է լրջօրէն վախնալ։

Ընտրուեցաւ Սուրենեանը։ Բայց Փեթերպուրգի իշխանութիւնը կը տատանէր Հաստատել այդ ընտրութիւնը, որովհետեւ Սուրենեանը անցած էր դաշնակցականներու ձայներով եւ կարող էր գործի մէջ դառնալ դաշնակցականներու քաղաքականութեան ջահակիրը:

Սուրէնէան դարձաւ հաւատարիմ կաթողիկոս։ Կանդնած մնաց իր բարձրութեան վրայ մեր անկախութեան օրերուն եւ բոլշեւիկեան իշխանութեան հալածանքներու ժամանակ։