Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/193

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳԼՈԻԽ ժ.

ԿՈՎԿԱՍԸ՝ ՄԵԾ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ

ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ[1]

Կովկասի ժողովուրդները, մասնաւորապէս առաջատար տարրերը, յանձին մեաւորականութեան եւ կուսակցական գործիչներու, կապրէին երկու ձեւի գաղափարներով: Ոմանք, որպէս Ռուսաստանի քաղաքացիներ, կապուած էին ռուս մշակոյթին եւ մտաւորականութեան, ինչպէս որ կապուած էին եւ իրենց ազգային գաղափարներուն։ Ոմանք ալ կապրէին միայն իրենց ազգային իտէալներով, ի նկատի չունենալով պետական ընդհանուր շահերր։ Իմ գործունէութեան ընթացքին, ես պատկանած եմ առաջին կարգի գործիչներուն։

Ռուս մշակոյթի ազդեցութիւնը, ռուսական մեծ քաղաքներու՝ Փեթերպուրգի, Օդեսայի, Մոսկուայի, Կիեւի, Խարկովի մէջ ունեցած կապը ռուս մտւորականութեան հետ, վերջապէս, շփումը կովկասեան եւ ռուսական քաղաքական կուսակցութիւններու հետ՝ կապուած էին Կովկասի երիտասարդութիւնը ռուսական ազատ միտքին եւ կեանքին։

Եթէ մեր տաճկահայ եղբայրները իրենց կրթու-

  1. Այս գլուխը իբրեւ առանձին բաժին չէ կատարուած յուշագրութեան մէջ, այլ նկատի առնուած է իբրեւ իններորդ գլուխին երկրորդ մասը: