Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/194

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թիւնը կը ստանային Հայկական կամ ֆրանսական դպրոցներու մէջ, անոնք կունենային Հայկական կամ եւրոպական մշակոյթ: Տաճկական մշակոյթ գոյութիւն չունէր: Ահա թէ ինչու տաճկահայ գործիչները եւ մտաւորականները կտրուած էին թրքական կեանքէն։ Հայ ժողովուրդը, Թուրքիոյ մէջ, բացի քանի մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներէ եւ վաճառականներէ, ենթակայ էր, անասելի բռնութեան թէ՛ բարոյապէս թէ՛ տնտեսապէս եւ թէ՛ ֆիզիկապես:

Ոչ մէկ համեմատութիւն կարելի է ընել թուրք եւ ռուս բռնութիւններու միջեւ: Ռուս կառավարութիւնը կանգնած էր միայն Հայ ժողովուրդի ազգային մշակոյթի ճամբաներուն վրայ եւ կարգիլէր անոր բնական զարգացումը. մինչդեռ թուրքերը կը սպառնային հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյաթեան։ Բաւական է մատնանշել այն փաստը որ ոչ մէկ ռուսահայ կը ցանկար ապրիլ թրքական իշխանութեան տակ, իսկ իւրաքանչիւր տաճկահայ կը ձգտէր դէպի Ռուսաստան եւ այնտեղ կը գտնէր աշխատանքի խաղաղ պայմանները։

Արդար լինելու համար պէտք է ըսենք, թէ ռուսական բարձր մշակոյթը, լեզուն, ռուս կնոջ հմայքը կը տարածէին ռուսական ազդեցութիւնը հայ քաղքենի եւ մտաւորական դասերուն մէջ հանգամանք մը, որ կը վախցնէր մեր տաճկահայ եղբայրները որոնք այդ երեւոյթին մէջ կը տեսնէին ապազգայնացման լուրջ նշաններ։ Դեռ 1914ին, թրքահայ յայտնի գրագէա Զոհրապը ինձ իր վախը յայտնեց այդ առթիւ:

Հայ եւ վրացի երիտասարդութիւնը հազարներով