Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/195

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կը սովրէր ռուսական համալսարաններու եւ ճարտարագիտական դպրոցներու մէջ։ Լաւագոյն տարիքը, երբ կը կազմուի մարդուս հոգեկան աշխարհը, երբ քաղաքական աշխարհահյեցողութեան առաջին հիմքերը կը դրուին, մեր երիտասարդութիւնը կանցնէր ռուսական քաղաքներու մէջ, կը շփուէր ռուս յեղափոխական միտքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ, բնականաբար, մեծապէս կազդուէր ռուսական գաղափարներէն: Եթէ կանգ առնենք մեր կուսակցութիւններու կազմաւորման պատմութեան վրայ, կը տեսնենք, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ծրագրապէս բոլորովին մօտիկ է ռուս սոցիալիստ—յեղափոխականներու կուսակցութեան: Եւ կային նույնիսկ մարդիկ, որոնք միաժամանակ կանդամակցէին երկու կուսակցութիւններուն ալ:

Վրացական սոցիալ—դեմոկրատները 20 տարի շարունակ եղան ռուս սոցիայ—դեմոկրատական կուսակցութեան մէկ մասը եւ միայն 1118ին բաժնուեցան անկէ՝ դառնալով վրացական սոցիալ—դեմոկրատական առանձին կուսակցութիւն։

Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ հայ եւ վրացի սոցիալիստ—յեղափոխականներու մասին, որոնք տոգորւած էին ցարիզմը տապալելու եւ ռուսական ընդհանուր ռամկավար կարգեր մտցնելու գաղափարներով: Մինչեւ 1917 թուականը, անոնք չէին մտածեր նոյնիսկ բաժնուելու Ռուսաստանէն եւ կազմելու անկախ պետութիւններ։ 1917ի Փետրուարեան եւ Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւններն էին, որ իրենց ազգային սահմաններու մէջ մտցրին այդ խմբակցութիւնները։