Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/196

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ընթերցողը ինչպէս կը տեսնէ, Կովկասի կուսակցութիւններու ծրագրային փոփոխութիւնները արդիւնք էին առարկայական պայմաններու զարգացման եւ ժողովուրդի մշակութային վերելքին:

Անկախ պետութիւններու կազմաւորման գլուխին մէջ, մենք դեռ կանդրադառնանք այն հարցին, թէ ինչպէս բոլշեւիկեան կուսակցութիւնը ծանր հարուած մը իջեցուց անկախ պետութիւններու գլխուն։ Այստեղ կարեւոր է շեշտել այն հարցը, թէ ինչպէ՞ս վրաց սոցիալ–դեմոկրատները, որ կողմնակից էին մէկ կեդրոնաձիգ իշխանութեան, որ լսել իսկ չէին ուզեր անջատման մասին, որ կը մեղադրէին Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ազգամոլութեան մէջ, մէկէն ի մէկ դարձան թթու ազգայնականներ եւ հանդիսացան իրենց ժողովուրդի ազատագրման ու անջատման սահվիրաները:

Հ. Յ. Դաշնակցութեան քաղաքական միտքի փոփոխումը տրամաբանական հետեւանքն էր իր իսկ ծրագրի բնական զարգացման: Սակայն, ինչո՞ւ, այսքան հակասութիւն վրաց սոցիալ—դեմոկրատներու մէջ։ Պարզ էր մէկ բան. այն՛ որ տուեալ պայմաններու մէջ, երկու կուսակցութիւններն ալ լաւագոյն միջոցը կը խորհէին ստեղծելու տանելի կացութիւն՝ ժողովրդական հանճարի ազատ զարգացման համար:

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, որպէս ժողովրդապետական ընկերարական կուսակցութիւն, կը թուէր, թէ առաջին հերթին պիտի պայքարէր ռուս միապե—