Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/197

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տականութեան դէմ՝ տապալելու համար ցարական գերիշխանութիւնը։ Սակայն, կուսակցութեան առաջ դրուծ էր ազգային, կարեւոր ուրիշ հարց մը. այն է՝ Տաճկահայաստանի ազատագրութեան հարցը։ Ռուս պետութիւնը, որպէս դէպի հարաւ, դէպի Սեւ ծովը ձգտող ուժ մը կը նկատուէր դաշնակից հայ ձգտումներուն եւ Հայկական շահերուն։ Չէ՞ որ երկու հարիւր տարի շարունակ Ռուսաստանը պատերազմած էր տաճիկներու դէմ՝ միշտ յառաջանալով դէպի հարաւ. չէ՞ որ ռուսները իրենք զիրենք միշտ համարած են «թուրքերու դարեւոր թշնամին»:

Հայ քաղաքական միտքը ապրած է շարունակ երկընտրանքներու մէջ թէ՛ ցարիզմի, թէ՛ ժամանակաւոր կառավարութեան եւ թէ այսօր խորհրդային իշխանութեան օրերուն։ Քաղաքական այդ երկընտրանքը եղած է մեզ համար ճակատագրական, ողբերգական:

Թէ՛ մեծ պատերապմի նախօրեակին, թէ՛ Բալկանեան պատերազմի ընթացքին, երբ Տաճկաստանը կենթարկուէտ լուրջ հարուածներու, հայերը, յանձինս իրենց հոգեւորականութեան եւ մտաւորական շրջանակներու, դիմեցին Եւրուպային եւ Ռուսաստանին՝ խնդրելով բարելաւել տաճկահայ ժողովուրդի կեանքի պայմանները։ Այդ տրամադրութիւնները որոշեցին կովկասահայերու գործելակերպը մեծ պատերազմի ընթացքին, երբ 1914 Հոկտեմբերին, թուրքերը նախայարձակ եղան ռուսներու վրայ։

Վրաց ժողովուրդը ուրիշ հոգեբանութիւն ունէր։ Ան կապուած չէր Տաճկաստանի հետ որեւէ խնդրով։ Իր ներքին քաղաքական կեանքը կընթա–