Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/198

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նար երկու ուղղութեամբ։ (Յեղափոխական միտքը կապուած էր ռուս յեղափոխական շարժումներուն հետ, իսկ ազնուական դասը իր բախտը կապած էր ռուս ազնուականութեան եւ թագաւորական գահի բախտին։ Երկու տարրերն ալ անտարբեր էին դէպի Բալկանեան պատերազմը, իսկ մեծ պատերազմի ժամանակ՝ իրենց տրամադրութիւնները չէր կարելի տարբերել իրենց ռուս բախտակիցներու տրամադրութիւններէն։

Կովկասի երրորդ տարրին՝ թաթարներուն համար, կեանքը լիովին տաճիկներու կողմն էր: Թրքական լեզուն, մշակոյթը, կրօնը եւ ցեղային ընդհանուր կապերը քաղաքականօրէն կը միացնէին թաթարները տաճիկներու հետ։ Թաթար փոքրաթիւ մտաւորականութիւնը, հոգեպէս կապուած էր տաճկական մշակոյթին, չնայած որ իր կրթութիւնը ստացած էր ռուսական համալսարաններու մէջ։ Ռուսական ազդեցութիւնը անոր մէջ կերեւար միայն արտաքնապէս։ Թաթար մտաւորականութիւնը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունէր իր ժողովուրդի վրայ։ Թաթար ժողովուրդը կը գտնուէր հոգեւորականութեան, խաներու եւ բեկերու ազդեցութեան ներքեւ: Տաճիկ քաղաքական շահերը լայն արձագանգ կը գտնէին թաթար ժողովուրդին մէջ։ Բայց, ըստ իրենց սովորութեան, թաթարները երբեք չէին արտայայտեր իրենց միտքերը. մանաւանդ կը զգուշանային բողոքի բնոյթ կրող քայլերէ։

Ռուսական մամուլը գրեթէ չէր զբաղեր իրենցմով, իսկ Կովկասի միւս տարրերը տեղեակ չէին անոնց իսկական ձգտումներուն։