Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/199

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պաշտօնիս բերումով, առիթ կունենայի յաճախ շփուելու Թիֆլիսի թաթար ազգաբնակչութեան հետ, որուն թիւը կը հասանէր հինգ հազարի։ Կը հանդիպէի թուրք մտաւորականներու եւ Շէյխ Իւլ—Իսլամի հետ։ Պէտք է ըսեմ, որ անոնք կընդունէին զիս մեծ յարգանքներով եւ պատիւներով։ Այդ վերաբերմունքը դէպի ինձ երբեք չփոխեցին, գոնէ իրենց արտաքին արտայայտութիւններու մէջ։

Չնայած որ միեւնոյն Թիֆլիս քաղաքի մէջ կապրէին կողք կողքի երեք ժողովուրդներ, երեքն ալ քաշուած էին իրենց ազգային պատեաններու մէջ եւ միայն առեւտրական որոշ գործերն առիթ կու տային արտաքին յարաբերութիւններ պահպանելու միմեանց հետ։ Որեւէ լուրջ գործ չէր ձեռնարկուեր երեք տարրերու նախաձեռնութեամբ կամ մասնակցութեամբ։ Օրինակ. դրամատունները կա՛մ զուտ Հայկական էին, կա՛մ զուտ վրացական։ Հայերը չէին կարդար վրացական թերթեր. վրացիները չէին կարդար Հայկական թերթեր, իսկ թուրքերը կանտեսէին երկուքն ալ: Հայերէ շատեր կը խօսէին վրացերէն, իսկ վրացիները չգիտէին Հայերէն։

Ռուս ազգաբնակչութիւնը բաղկացած էր պաշտօնեայ դասէն։ Ռուսական հաստատութիւնները՝ թերթերը, ակումբները, դպրոցները՝ հաւասարապէս կը քաշէին ե՛ւ Հայերը, ե՛ւ վրացիները, ե՛ւ թուրքերը։

Ռուս եկեղեցին պետական հաստատութիւն մըն էր, որմէ կը խորշէին վրացիները։ Հայ եկեղեցին ազգային Հիմնարկութիւն մըն էր, անկախ ռուս պետական եկեղեցիէն: Այդ իսկ պատճառով, հայ գործիչները, կուսակցականները, մտաւորականութիւնը