Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/20

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ցատրուի անով, որ ինք կը նուիրուի իր պաշտօնին եւ հոգուով ու մարմնով կը տրամադրուի իր ժողովուրդին։ Անշուշտ, օրուան պայմանները եւ իրերու դասաւորումը, իրենց կարգին, ստեղծեցին առիթներ եւ կարելիութիւններ, որոնք նպաստեցին պետական գործիչի եւ տաղանդի դրսեւորման:

Թիֆլիսի քաղաքագլուխի պաշտօնը առիթ մը կըլլայ իրեն, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ Կովկասի վարչական եւ քաղաքական քուրային, ուր Անդրկովկասի երեք ժողովուրդներու՝ հայերու, վրացիներու եւ ատրպէյճանցիներու տարակարծութիւնները եւ կենսական հարցերու նկատմամբ իրենց կեցուածքները կը բախէին իրարու։ Իր «Քաղաքապետի մը յիշատակները» յօդուածաշարքին մէջ. Ալ. Խատիսեան կուտայ վերլուծական—քննական իւրայատուկ բացատրութիւններ՝ խարսխուած քաղաքագէտի մը իրատեսութեան եւ սառն դատողութեան վրայ։

Վերոյիշեալ յուշագրութիւնը կը հաստատէ նաեւ Խատիսեանի եւ Կովկասի փոխարքային՝ Վորոնցով-դաշկովին միջեւ մտերմութեան հասնող յարաբերութիւնները: Խատիսեանի անաչառութիւնը, դիւրահաղորդ բնաւորութիւնը եւ մանաւանդ՝ բոլոր խաւերու լեզուն հասկնալու կարողութիւնը վստահութիւն ներշնչեցին Կովկասի փոխարքային։ Եւ որպէսզի պետական մարդու արժանիքը առարկայական կերպով գնահատենք, կը դիմենք Համօ Օհանջանեանին «Ա. Խատիսեանի պետական մարդու յատկութիւնը գնահատեց եւ