Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/200

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ազգային–հասարակական խնդիրներով կը դիմէին Առաջնորդարան կամ թեմական Առաջնորդին:

Այսպէս կեանքը կընթանար տարբեր հուներով։ Իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունէր իր հողերը, մտածումները եւ ծրագիրները, երբ հարցը կը վերաբերէր իր ազգային դատին: Սակայն, որպէս ընդհանուր երկրի քաղաքացիներ, բոլորն ալ մէկ տրամադրութիւն ունէին, բոլորն ալ կը սպասէին մեծ փոփոխութիւններու: «Տխուր է այլեւս այսպէս ապրիլ». այս էր բոլոր տրամադրութիւններու ընդհանուր յայտարարը:

1905 թուականը ատեն մը թուլացուց ռուս միապետականութեան երկաթեայ կապանքները։ Բայց, այնուհետեւ, նորէն վերակազմուեցան յետադէմ ուժերը եւ կապանքները նորէն ամրացան։ «Նախ՝ անդորրութիւն, ապա՝ բարեփոխումներ», — կըսէին ռուս վարչապետները: Բայց տարիները կանցնէին. 1914ի Օգոստոսը կը մօտենար եւ անդորրութիւն չկար տակաւին։

Ծանր էին այդ տարիները։ Ժողովուրդը կը տեսնէր, որ օրինական ճամբաները անզօր են իրեն բաւարարութիւն տալու: Յեղափոխական թափն ու եռանդը սպառած էին 1905—7 թուականներու ապստամբութիւններու ընթացքին։ Ժողովուրդը կապրէր գորշ կեանքի անիմաստ առօրեայով եւ այդ միայն Կովկասի, այլեւ ամբողջ Ռուսաստանի մէջ: