Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/201

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հայերն էին միայն, որ բացառութիւն կը կազմէին, որովհետեւ իրենց առաջ դրուած էր տաճկահայ բարենորոգումներու խնդիրը։ Արդէն յիշեցի նախապէս, որ Բալկանեան պատերազմը ասպարէզ էր նետեր հարցեր, որոնք կապուած Էին Տաճկաստանի հետ։ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ՝ Ե-ը՝ 1912 Հոկտ. 2ին՝ Փոխարքայի միջոցով դիմեց «ամենագութ կայսրին, որ իր բարձր միջամտութեամբ թեթեւցնէ թրքահայ կեանքի ծանր պայմանները»: Որպէս պատասխան իր այդ դիմումին, ինչպէս կը գրէր ինք՝ կաթողիկոսը, ստացած էր կայսերական կառավարութեան հաւաստիացումները, թէ հայկական դատը պիտի առնուի լուրջ ուշադրութեան եւ թէ՝ կառավարութիւնը պիտի զբաղի Հայ ժողովուրդի բախտով։

Ինչպէս յայտնի է, կաթողիկոսի դիմումէն ետք, տեղի ունեցաւ դեսպաններու ժողովքը Պոլսոյ մէջ, ուր որոշուեցաւ հայկական վիլայէթներու համար նշանակել երկու ընդհանուր տեսուչներ: 1914 Յունուար 26ին, այդ պաշտօնէն կանչուեցան Հոֆ եւ Վեստենենկ։

Ես մօտիկ մասնակցութիւն ցոյց տուի կաթողիկոսի դիմումի կազմութեան մէջ եւ կարող եմ ըսել, որ այդ դիմումը համապատասխան էր հայ ժողովուրդի, մտաւորականութեան եւ կուսակցական շրջանակներու ձգտումներուն։ Թէ՛ կաթողիկոսը, թէ՛ ես գիտէինք, որ բաւարար չէ միայն դիմել կայսրին, այլ պէտք էր դիմել նաեւ եւրոպական պետութիւններուն, որոնք նոյնպէս պիտի մասնակցէին Բալկանեան պատերազմէն ետք գումարուելիք ժողովնե–