Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/202

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րուն։ Այդ իսկ պատճառով, կաթողիկոսը կոնդակ մը ուղարկեց Պօղոս Նուպար փաշային նշանակելով զայն իր ներկայացուցիչը եւրոպական պետութիւններու մօտ։ Ահա այդ կոնդակը:

«Մենք, որպէս ծայրագոյն պատրիարք եւ կաթողիկոս ամենայն հայոց եւ պետ Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ, կարգենք զձեր վսեմափայլութիւնը ներկայացուցիչ մեր ընդ հոգեւորական եւ աշխարհական անձանց եւ խնդրենք ի ձենջ յանձն առնուլ երթալ ի վեհաժողով եւ առաջի առնել պատգամաւորաց եւրոպական պետութեանց ըզխնդիր հայոց զտեղեկագիր մեր, հայցելով զմիջնորդութիւն նոցա առ ողբալի կացութիւն հայ ժողովուրդի Տաճկաստանի, թերեւս մարդասէր եւ հզօր միջնորդութեամբ ի հովանաւորութեամբ նոցա վերասցին կամայականութիւնք, աւերք եւ սրածութիւնք եւ հաստատեսցի խաղաղութիւն եւ բարեկարգութիւն երկրին հայոց եւ թեթեւացումն չարատանջ վիճակի զաւակաց մերոց»։

Այս դիմումը ուղարկուեցաւ նոյն թուի Նոյեմբեր 10ին։

Կը յիշեմ, երբ Առաջնորդարանին մէջ կը պատրաստէինք դիմումին ծրագիրը, որ առանձին յանձնախումբի մը հետ ուղարկուեցաւ կաթողիկոսին ի հաստատութիւն, ոգեւորուած էինք այն միտքով, թէ Տաճկաստանը ստիպուած կը լինի ընդունիլ Հայկական պահանջները, թէկուզ եւրուպական պետութիւններու ճնշումին տակ:

Նուպար փաշան ընդունեց կաթողիկոսի առաջարկը եւ 1913 Յունուար 27ի դրութեամբ տեղեկա–