Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/203

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ցուց ամբողջ հայութեան, թէ ինք ստանձնած է իրեն առաջարկուած պաշտօնը։ Որպէս օգնականներ, Պօղոս Նուպարը հրաւիրեց Իւթիճեան եպիսկոպոսը, Եագուբ Արթին փաշան, Յարութիւն Մասլիմեանը եւ Մինաս Չերազը։ Հայ բովանդակ մամուլը պաշտպանեց պաշտպանեց Պօղոս Նուպար փաշայի նշանակումը:

Այսպիսով, մեծ պատերազմի նախօրեակին, Հայ քաղաքական միտքը ձեւակերպուած էր արդէն. դիմում՝ ռուս բարձրագոյն իշխանութեան ու եւրոպական պետութիւններուն եւ ճնշումի քաղաքականութիւն Տաճկաստանի վրայ։

Սակայն, ոչ ոք կը զգար որ շուտով պիտի ծագի համաշխարհային մեծ փոթորիկը...

Պատմութեանս մէջ հետեւողական լինելու համար ըսեմ, որ 1913 Հոկտեմբերին, ժողովրդական ցոյցի մը ընթացքին, ես ծանրօրէն Հիւանդացայ եւ վեց ամիս շարունակ կապուած մնացի մահճակալին: Ապաքինումէն ետք, վճռեցի մեկնիլ Գերմանիա՝ վերջնականապէս բժշկուելու համար։ Պիտի անցնէի Պոլսի եւ Վիեննայի վրայով։ 1914 Ապրիլին, Բաթումէն նաւ առի դէպի Պոլիս։

Պոլսոյ մէջ տեսնուեցայ Խաժակի հետ, որ ինձ տարաւ թրքական պարլամենտ ու ծանօթացուց Զոհրապի եւ Հայ միւս պատգամաւորներու հետ։

Նստած բաց լուսամուտի առաջ, ուրկէ հրաշալի տեսարան մը կը բացուէր ծովուն վրայ, կը զրուցէինք զանազան հարցերու մասին: Ոչ ոք կը մտածէր, որ կը