Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/204

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մօտենար Համաշխարհային մեծ փոթորիկը:

Հայկական վիլայէթներու համար նշանակուած եւրոպական տեսուչները Պոլիս էին հասած արդէն եւ կը պատրաստուէին անցնիլ իրենց պրտականութիւններուն։ Խաժակը եւ Զոհրապը առանձնապէս ոգեւորված չէին անոնց գալուստով։ Անոնք կսէին, թէ թուրք կառավարութիւնը միշտ կարող է միջոցներ ստեղծել՝ կասեցնելու համար օտար տեսուչներու գործունէութիւնը:

Զոհրապը վստահութիւն չունէր եւ ռուսներու վրայ: Չէր հաւատար, որ ռուս կառավարութիւնը պիտի զբաղի տաճկահայկական դատով. իսկ լաւագոյն պարագային կը կարծէր, որ եթէ Հայկական վիլայեթները իյնային ռուս բարոյական կամ քաղաքական ազդեցութեան տակ, ան կը վախնար հայերու ռուսացման վտանգէն։

Խաժակը կը հաւատար Հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգիին։ Կուզէր, որ հայ ժողովուրդին տրուին խաղաղ զարգանալու անհրաժեշտ պայմաններ. այնուհետեւ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան հսկողութեան տակ, ժողովուրդը պիտի կարողանար զարգացնել իր լեզուն ու մշակոյյթը:

Երկու օր յետոյ, մեկնեցի Պոլսէն եւ միայն 1918ին, չորս ահաւոր տարիներէ ետք, կրկին այցելեցի Պոլիս, այս անգամ որպէս անդամ խաղաղութեան պատուիրակութեան, լինելով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար։

Սերպիոյ մէջ, երբ գնացքի մէջ էի, զգացի որ անսովոր բան մը կը դառնար։ Սերպերը անհանգիստ հայեացքներ ունէին: Հեռագիրը յանկարծ հաղորդեց,