Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/205

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

որ Սարայեւոյի մէջ սերպի մը ձեռքով սպաննուած է Աւստրեւհունգարիոյ թագաժառանգ ֆրանց ֆերդինանտը։ Կայարաններու մէջ կը տեսնէի վրդովւած դէմքեր։ Ինձ կը թուէր, թէ այդ դէպքը մեզ՝ հայերիս չի վերաբերիր:

Հասայ Elster, ուր մնացի ամբողջ ամիսհ մը:

Յուլիս 19ին յայտնի եղաւ, որ Աւստրիան պատերազմ Է յայտարարած Սերպիոյ: Փոքրիկ Elsterը նոյնպէս վրդովեցաւ: Բոլորը մեկնեցան այնտեղէն: Խանութները, հիւրանոցները կողպուեցան: Պէտք էր վերադառնալ Թիֆլիս։

Երկար պատահարներէ ու բարդութիւններէ ետք, որոնց մասին կարելի էր առանձին գիրք մը գրել, Օգոստոսի վերջերը Ռումանիայի վրայով հասայ Թիֆլիս։

Մեծ պետութիւնները կիսապատերազմական վիճակի մէջ կը գտնուէին։ Մեր աչքերու առաջ, գերման նաւերը Գէօբենն ու Բրեսլաուն մտան Սեւ ծովը:

Կովկասի մէջ գտայ բոլորովին այլ տրամադրութիւններ եւ այլ կացութիւն։ Ժողովուրդը դուրս էր եկած իներտ վիճակէն։ Կը տիրէր եռուզեռ։ Երիտասարդութիւնը ճակատ կը մեկնէր։ Զորագունդերը կուղարկուէին Արեւմտեան ռազմադաշտ: Ամէն տեղ կը զգացուէր հայրենասիրական բարձր խանդավառութիւն, իսկ այդ Հայրենասիրութիւնը կեղծ չէր, իշխանութեան կողմէ թելադրուած չէր:

Ժողովուրդի այդպիսի տրամադրութիւնները բացատրող պատճառները շատ էին։

Նախ՝ ամէնքը կը կարծէին, որ ազատասէր