Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/206

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ֆրանսան եւ Անգլիան, որպէս դաշնակիցներ ռուս կառավարութեան, իրենց հետ պիտի բերեն իրաւունք եւ ազատութիւն եւ պաշտպանութիւն փոքր ժողովուրդներուն։ Չէ՞ որ անոնք դուրս էին եկած պաշտպանելու փոքրիկ Սերպիոյ եւ Պելճիքայի ոտնահարւած իրաւունքները:

Յետոյ՝ բոլորը կը կարծէին, որ այս պատերազմը կարճատեւ պիտի լինի, որմէ յետոյ պիտի սկսին կեանքի տանելի պայմաններ:

Երրորդ՝ այն կարծիքը կը տիրէր, որ ինչպէս սովորաբար պատերազմներէն ետք, Ռուսաստանը կը բռնէ բարենորոգումներու ճամբան։ Օրինակ. Ղրիմի պատերազմէն ետք տեղի ունեցան 60ական թուականներու ազատական բարենորոգումները, ճափոնական պատերազմէն յետոյ տրուեցաւ Սահմանադրութիւն։ Եւ բոլորը կը սպասէին, որ մեծ պատերազմէն ետքն ալ Ռուսաստանի մէջ նոր կեանքի նոր դարագլուխ մը պիտի բացուի։

Չորրորդ՝ բոլորի համար պարզ Էր, որ պատերազմը պիտի բարձրացնէ երկրի տնտեսական արտադրողական վիճակը:

Հայերու առջեւ պատերազմը կը բանար քաղաքական լայն հորիզոններ։ Գաղտնիք չէր, որ Տաճկաստանը պիտի մասնակցի պատերազմին՝ Ռուսաստանին հակառակ բանակի մէջ։ Ընդհանուր Հաւատք կար, որ ան պիտի պարտուի եւ Հայերը իրենց Հարցի լուծումը վերջապէս պիտի ստանային շնորհիւ Ռուսաստանի ու եւրոպական պետութիւններու միջամտութեան։

Այս տրամադրութիւններու լաւագոյն ապա–