Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/207

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ցոյցը կաթողիկոսի դիմումն էր, որ 1914 Օգոստոս 5ին Վեհափառը յանձնեց կոմս Վորոնցով–Դաշկովին: Իր դիմումին մէջ, կաթողիկոսը կը յիշէր, որ 1912ին ինք խնդրած էր ռուս միապետէն, որ իր հովանաւորութեան տակ առնէ Հայ ժողովուրդի շահերը Տաճկաստանի մէջ, որ՝ 1912—14 թուականներու ընթացքին մշակուած էր բարենորոգումներու ծրագիրը, որու ճակատագիրը խիստ հարցական էր շնորհիւ պատերազմական դրութեան։ Կաթողիկոսը կը շարունակէր.

«Պատերազմը նոր մեծ փորձանքներու կը մատնէ բարենորոգումները եւ նոյնիսկ հայ ժողովուրդի ապահովութեան խնդիրը։ Այսօր, երբ ռուս պետութենէն կը պահանջուի ուժերու եւ կամքի ծայրայեղ լարում, ես երջանիկ եմ յայտարարելու Ձերդ Պայծառափայլութեան, թէ հայ ժողովուրդը՝ լռեցնելով իր մէջ ցաւի կսկիծը, իր ամբողջ կարողութիւնը ի սպաս կը դնէ մեծ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին եւ թէ արդէն հայ ժողովուրդը՝ հաւատարիմ թագաւորի հրամանին՝ պատրաստ է իր պարտքը կատարելու հայրենիքի հանդէպ»։

Կաթողիկոսը կը մատնանշէր այն փաստը, որ Բարձր Դուռը, շնորհիւ տիրող կացութեան, ընդառաջ չերթար բարենորոգումներուն, որ՝ հայ ժողովուրդի գոյութեանն անգամ այսօր վտանգ կը սպառնայ եւ որ՝ անհրաժեշտ է ձեռք առնել յատուկ միջոցներ Հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար:

«Քանի որ հայկական վիլայէթները — կը գրէր