Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/208

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կաթողիկոսը — կը գտնուին տաճիկներու գերիշխանութեան ներքոյ, իմ եւ իմ ժողովուրդի խորին համոզումն Է, որ հայկական ցաւոտ հարցի վերջնական լուծման համար անհրաժեշտ են հետեւեալ պայմանները.

«Ա. Անատոլուի հայ գաւառներէն ստեղծել անբաժանելի մէկ շրջան։

«Բ. Որպէս այդ շրջանի կառավարիչ նշանակել բարձրաստիճան կամ մեծանուն քրիստոնեայ մը. որ անկախ լինի Բարձր Դուռէն։

«Գ. Շրջանին շնորհել լայն ինքնավարութիւն, քրիստոնեայ տարրերու հաւասար ձայներով:

«Դ. Որպէսզի հայ ժողովուրդը վստահ լինի նորաստեղծ վարժութեան յարատեւութեան, այդ շրջանի բարեփոխումներու հսկողութեան իրաւունքը վերապահել միայն Ռուսաստանին»:

Ի վերջոյ, կաթողիկոսը կը խնդրէր ձեռք առնել իրական միջոցներ հայկական շահերը պաշտպանելու համար եւ արագացնել տեսուչներու հաստատումը վիլայէթներու մէջ։ Կաթողիկոսը կը խնդրէր այս դիմումը ուղղել թագաւորին եւ խնդրել անոր բարձր աջակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը:

Ես դիտմամբ երկար մէջբերումներ ըրի կաթողիկոսի դրութենէն որովհետեւ այդ էր բաղձանքը եւ ամբողջ Հայ ժողովուրդին, որ ռուս—տաճկական պատերազմի պարագային լուրջ յոյսեր էր գրած ցարի միջամտութեան ու բարեացակամութեան է վրայ:

Փեթերպուրգէն պատասխանը չուշացաւ:

Կաթողիկոսին կը վստահեցնէին, որ Հայկական դատը լուրջ ուշադրութեան է առնուած կառավա—