Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/209

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րութեան կողմէ։ Կառաջարկէին Հայերուն զգուշանայ Թուրքիոյ մէջ ապստամբական շարժումներ առաջ բերելէ չբարդացնելու համար առանց այն ալ ծանր քաղաքական կացութիւնը։ Հայերու վրայ պարտականութիւն կը դնէին գործով ապացուցանելա իրենց հաւատարմութիւնը կայսրին եւ օգնելու ռուս բանակին՝ եթէ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պատերազմական գործողութիւններ սկսէին։

Այս պատասխանը ստացուած էր գրեթէ միաժամանակ իմ Կովկաս Հասնելուս հետ:

Պաշտօնիս անցնելով, անմիջական մասնակցութիւն ունեցայ հայ կեանքին վերաբերող բոլոր խնդիրներուն։

«Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» գիրքին մէջ, մանրամասն կանգ եմ առած այս խնդիրներէն շատերուն վրայ: Բայց միայն Հայկական եւ Հայ ժողովուրդի հետ կապ ունեցող հարցերն են գրաւած այնտեղ իմ ուշադրութիւնս։

Այսօր, ես գրի կառնեմ իմ յուշերը որպէս քաղաքագլուխ՝ մօտենալով հարցերուն կովկասեան եւ ռուսական չափանիշով:

Կաթողիկոսի դիմումին պատասխանը յայտնի դարձաւ Հայ լայն զանգուածներուն: ԱմԷնքն ալ կը փափաքէին, որ Տաճկաստանը պատերազմի ռուսներու դէմ եւ այդպիսով լուծուի տաճկահայ ցաւոտ խնդիրը։

Պատերազմի յայտարարութեան հետեւեցաւ ընդհանուր զօրակոչը, որով 200 հազար Հայ զինւորներ մտան ռուսական բանակին մէջ: Հայերու մէջ դասալիքներ չկային: Արեւմտեան ճակատի վրայ,