Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/21

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Կովկասի փոխարքան եւ ատիպուած էր մշտապէս նրա հետ խորհրդակցիլ բոլոր պետական խնդիրների շուրջ, որ կը վերաբերէին կովկասին, նրա ազգաբնակութեան եւ Թիֆլիսի քաղաքին բնականաբար[1]:

Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն փոթորկալից եւ ճակատագրական շրջանին՝ 1917—1920 տարիներուն, Խատիսեան իր քաղաքական փորձառութիւնն ու կշիռը ի սպաս դրաւ նորաստեղծ Հայաստանի հանրապետութեան եւ արիւնաքամ հայ ազգին։ Փաստօրէն, իր քաղաքական յարաբերութիւնները, շրջապտոյտները, վարած պաշտօններն ու իրագործումները կարտահանեն քաղաքական իրապաշտ ղեկավարի մը կնիքն ու դրոշմը։

Խատիսեան հայաստանի հանրապետութեան պաշտօն կը վարէ 14 ամիս՝ մինչեւ 5 Մայիս 1920։ Խատիսեանի վարչապետութեան շրջանը յարաբերաբար աւելի խաղաղ է եւ հանդարտ։ Աւելին Հայաստան ներքնապէս կը կազմակերպուի եւ կը սկսի միջազգային կեանքի մէջ հետաքրքրութեան առարկայ դառնալ։

Խատիսեանի ամէնէն յատկանշական դերակատարութիւնը. որով կը զատորոշուի իբրեւ դիւանագէտ, Հայաստանի դրացի երկիրներու հետ սահմանային վէճերու ընթացքին իր հեղինակաւոր առկայութիւնն է։

  1. Համօ Օհանջանեան, «Հայ պետական մարդը», «Յուսաբեր», ԼԱ. 7 Ապրիլ 1945։