Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/210

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գերմանացիներու եւ աւստրիացիներու դէմ կռուելու ատեն, հայ զինուորը կը յայտնաբերէր նոյն էր քաջութիւնն ու կորովը, ինչ որ ռուս զինուորը։ Մեծ էր եւ վրացիներու թիւը բանակի մէջ, յինչպէս զինուորներու՝ այնպէս ալ սպաներու, որոնք նոյնպէս ուղարկուած էին արեւմտեան ճակատ։

Պատերազմը զօրակոչի ենթարկեց նաեւ հանցստի կոչուած զօրավար Նազարբեկեանը, որ յետոյ դարձաւ Հայկական բանակի Հրամանատարը անկախութեան օրերուն։

Հայ ժողովուրդը իր պարտքը կատարեց մտնելով ուսական բանակի մէջ՝ արեւմտեան ճակատին վրայ կռուելով։ Սակայն, խնդիրը աւելի բարգացաւ Տաճկաստանի ելոյթով։ Այս անգամ, կը պահանջուէր հայ ժողովուրդի աջակցութիւնը։ Հայ զինուորը պարտաւոր էր կռուելու. այստեղ զոհաբերութիւն չկար: Ի՞նչ պէտք էր ընել:

Կային հոգեբանական լուրջ պայմաններ եւ հիմունքներ, որոնք տարիներու ընթացքին պատրաստած էին Հայ ժողովուրդը պատերազմին մասնակցելու համար։ Պատէրազմէն առաջ, Թիֆլիս հրաւիրած էի յայտնի քաղաքագէտ եւ պատմաբան Միլիւսկովին՝ դասախոսութիւն մը կարդալու հայկական հարցի մասին։ Միլիւկովը խօսեցաւ Ռուսաստանի մերձաւոր արեւելեան քաղաքականութեան մասին եւ շեշտեց այն հանգամանքը, որ Հայերը եւ ռուսները «երկու տարբեր սենեակներ են մէկ կտուրի տակ տեղաւորւած»: Երկու տարբեր սենեակներ...: Այսինքն՝ հաշւի կառնուէին Հայ ժողովուրդի յատուկ պահանջները ընդհանուր կտուրի տակ: