Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/211

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Վրացիները եւ թաթարները դէմ էին պատերազմին։ Վրացիները սպասելիքներ չունէին Թուրքիոյ դէմ մղուելիք պատերազմէն։ Ընդ հակառակը, կը վախնային աջարացիներէն, որոնք վրացի լինելով հանդերձ՝ մահմետական են եւ տաճկասէր։ Թաթարները կը վախնային, որ պատերազմը կարող է թուլցնել Թուրքիոյ ազդեցութիւնը։ Հայերն էին միայն, որ կ՝ուզէին պատերազմ։

Իմ կացութիւնը բաւական ծանր էր։ Որպէս հայ, ես կր բաժնէի Հայ ժողովուրդի սպասելիքները, իսկ որպէս քաղաքագլուխ Վրաստանի մայրաքաղաքի՝ պարտաւոր էի ռուսական շրջանակներու մէջ, Փոխարքայի եւ իշխանութեան առաջ արտայայտել ամբողջ ժողովուրդի ցանկութիւնները:

Դէպքերը զարգացան այնպէս, որ ես առանց քաշուելու կանգնեցայ Հայկական տեսակէտներու վրայ եւ չորս տարի շարունակ, մասնակցութիւն ցոյց տուի հայկական բոլոր հարցերուն, ինչպէս նաեւ կովկասին վերաբերող բոլոր խնդիրներուն։ Պէտք է ըսեմ, որ երբեք չեմ զղջար վարածս քաղաքականութեան համար:

Վովկաս հասնելուս պէս, անմիջապէս զբաղեցայ երեք գլխաւոր խնդիրներով։ Պէտք էր նախ կազմակերպել ճակատի զօրաբանակի օժանդակութեան հարցը. երկրորդ՝ մասնակցիլ պատերազմի հետ կապւած Հայկական գործերուն եւ երրորդ՝ ստեղծել հայ քաղաքական կեդրոն մը։

Հետեւեալ գլուխներու մէջ պիտի խօսիմ այս մասին: