Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/212

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳԼՈԻԽ ԺԱ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՄԱԻՈՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ

1914 Հոկտեմբեր 19ին, պատերազմի յայտարարութենւն ճիշդ երեք ամիս ետք, Թուրքիա նախայարձակ եղաւ Ռուսաստնի վրայ՝ ռմբակոծելով ռուսական ծովեզերեայ քաղաքները։

Հայ ժողովուրդը իր ընելիքը գիտէր արդէն։ Նախօրօք պատրաստուած էին միտքերը՝ Դաշնակից պետութիւններու կողմն անցնելու: Հայերը գիտէին, որ պատերազմէն յաղթող պիտի դուրս գային Դաշնակիցները եւ այդ պատճառով ալ գիտակցօրէն Հայ Դատը կապեցին Դաշնակիցներու դատին:

Թուրքիոյ յարձակման առաջին լուրջ ինձ բերաւ բժիշկ Յակոբ Զաւրեանը: Երեք ժամ ետք, զիս կանչեցին պալատ, ուր Փոխարքայի օգնականը ցոյց տուաւ ինձ մատիտով գծուած թղթի կտոր մը, թէ «թուրքերը յարձակեցան մեր վրայ եւ Փոխարքան հրամայեց մեր բանակներուն շարժիլ դէպի ճակատ եւ զարնել թուրքերուն»։

Զինուորական—վարչական մեքենան անմիջապէս շարժման մէջ դրուեցաւ: Սկսաւ տենդոտ գործունէութիւն մը։ Բանակը, քաղաքային ինքնավարութիւնը, համբարակային վարչութիւնը, մամուլը, բոլորը զբաղեցան պատերազմով եւ անոր անմիջական կարիքներով:

Նախքան տաճկական պատերազմի հռչակումը, ռուս իշխանութեան եւ հայ ժողովրդի միջեւ տեղի