Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/213

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կունենային բանակցութիւններ։ Յայտնի են այդ մասին փոխարքայի եւ կաթողիկոսի նամակները: Խնդիրը կը վերաբերէր Հայ կամաւորական շարժման:

Այդ շարժման փաստական կողմը ծանօթ է արդէն։ Կան ֆրանսացի Պասդեպարի գիրքը այդ մասին, ժեներալ Ղորղանեանի դիրքը, Գրիգոր Չալխուչեանի «Կարմիր Գիրքը», Սիմոն Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» հատորը եւ Անդրանիկի, Սեպուհի եւ ուրիշ շատերու յուշերը։

Ես կանգ պէտք է առնեմ կամաւորական շարժման քաղաքական եւ հոգեբանական կողմերու վրայ եւ պիտի մատնանշեմ այն վերաբերմունքը, որ ունէին ռուս հրամանատարները եւ իշխանութիւնը դէպի այդ շարժումը։

Անձամբ տեսածս ու լսածս միայն պիտի պատմեմ որովհետեւ, որպէս Ազգային Բիւրոյի ներկայացուցոչ, որ կը վարէր կամաւորական գործերը, անձամբ կը բանակցէի ռսւս իշխանութեան մօտ, կամաւորական խումբերուն վերաբերող բոլոր խնդիրներու մասին։

Պէտք է ըսեմ, որ Ռուսաստանը՝ կլանուած լինելով արեւմտեան ճակատով՝ չէր ցանկանար բարդութիւններ ստեղծել հարաւային ճակատի վրայ եւ կը խուսափէր թրքական պատերազմէն։ Սակայն, հաշւի առնելով այդպիսի պատերազմի մը հաւանականութխնները, ռուս կառավարութիւնը կը պատրաստւէր այդ ուղղութեամբ: Իր առաջ դրուած շարք մը հարցերէն մէկը՝ հայ ժողովուրդի մասնակցութիւնն էր թրքական պատերազմին։ Ռուս կառավարութիւնը կուզէր մեր մասնակցութիւնը. հանգամանք մը, որ