Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/214

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մեծապէս ազդեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան քաղաքականութեան վրայ։

1914 Յուլիսին, կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովը Էրզրումի մէջ որոշած էր պատերազմի պարագային կողմ չհանդիսանալ որեւէ պետութեան եւ կը հրաւիրէր Հայութիւնը իր պարտքը կատարել Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ՝ որպէս հաւատարիմ քաղաքացիներ: Չնայած որ, Իթթիհատի ներկայացուցիչներ՝ Բէտէդին Շաքիրը եւ Նաճիպ բէյը՝ յատուկ առաքելութեամբ Էրզրում էին գացած բանակցելու դաշնակցական գործիչներու հետ, առաջարկելով անոնց պատերազմի ընթացքին թուրքերու կողմն անցնել. չնայած որ, Թալաաթ փաշան Պոլսոյ մէջ կաշխատէր նոյն ուղղութեամբ, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը մնաց անյողդողդ իր որոշումներու մէջ եւ մերժեց մասնակցիլ թրքական որեւէ ծրագրի իրականացման։

Ընդհանուր ժողովէն ետք, պատգամաւորները եկան Կովկաս, բայց չկարողացան դիմադրել ընդհանուր տրամադրութիւններուն եւ անցան կամաւորական բանակներու կազմակերպման գործին գլուխը: Կուսակցութեան պարագլուխներէն կազմուեցաւ կոմիտէ մը, որուն անդամակցեցան Արմէն Գարօ, Սիմոն Վրացեան, դոկտոր Զաւրեան, Իշխան Արղութեան, Գիւլխանգանեան եւ Նիկոլ Աղբալեան:

Հետագային, Հայ մամուլը շատ քննադատեց ու յարձակեցաւ, այս փաստի վրայ։ Սակայն, մէկ հանգամանք պարզ էր, որ կամաւորական շարժումը համահայկական էր եւ կը բխէր Հայ ժողովուրդի հոգե —