Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/215

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բանութենէն ու ցանկութիւններէն: Հայ ժողովուրդը Դաշնակիցներու հետ էր եւ Դաշնակիցներու կողքին։ Հարիւր տարիներու. ընթացքին ռուս բանակի յաղթական յառաջխաղացումը դէպի հարաւ, դէպի հայկական Հողամասերը, նոյնպէս գրաւական Էին մեր քաղաքական ուղեգծի ճշդութեան:

Մէկ Հարց կար միայն, որ կարող էր հիմնովին փոխել մեր քաղաքական համոզումը. կարո՞ղ էր արդեօք համաձայնութիւն կայանալ հայերու եւ թուրքերու միջեւ: Եթէ այո, ուրեմն պէտք էր որ մենք՝ հայերս թուրքերուն կողմը բռնէինք։ Բայց բովանդակ Հայ ժողովուրդի մէջ չկար այն հաւատը, որ կարելի է համաձայնութեամբ կարգադրել հայկական խնդիրը՝ առանց զէնքի միջամտութեան։ Մեզ կը մնար միակ ուղին ձգտիլ տաճիկներու պարտութեան:

Թիֆլիսի մէջ կազմուեցաւ Ազգային Բիւրոն, որ իր կողմէն նշանակեց երեք ներկայացուցիչներ՝ Փոխարքայի հետ բանակցելու համար կամաւորական բանակի հետ կապուած բոլոր խնքդիրներու շուրջ։ Ներկայացուցիչներն էին մէկը թեմական առաջնորդ Մեսրոպ եպիսկոպոսը, միւսը Սամսոն Յարութիւնեանը եւ ես։ Մենք մեր վրայ առինք այդ պարտականութիւնը եւ մինչեւ վերջը մնացինք մեր պաշտօններու վրայ։

Զիս նշանակեցին ներկայացուցիչ զինուորական կան իշխանութիւններու մօտ։ Այդ պարտականութիւնն ալ կատարեցի սկիզբի օրերէն մինչեւ կամաւորական խումբերու վերջնական լուծումը։

Սկիզբէն իսկ յայտնի եղաւ, որ ռուս կառավա-