Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/217

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գումարուեցաւ Սեպտեմբերի մէջ։ Որոշուեցաւ խումբերու թիւը, բանակը եւ մեր ընելիքը։ Կազմւեղաւ նախահաշիւ: Որպէս առաջին վճարում, ըսպայակոյտէն ստացայ 245 հազար ռուբլի, որ եւ մաս—մաս կը վճարէի Ազգային Բիւրոյին՝ կամաւորներուն կօշիկներ եւ հագուստեղէն հայթայթելու համար։ Ստացականները կը յանձնէի սպայակոյտին:

Առաջին հերթին որոշուեցաւ կազմել չորս խումբեր՝ Անդրանիկի, Դրոյի, Համազասպի եւ Քեռիի ղեկավարութեան ներքոյ։ Այս խումբերը ճակատ մեկնելէն Հոկտեմբեր 24ին, Նոյեմբեր 3ին եւ 6ին։ Այնուհետեւ, 1915 Ապրիլին, կազմուեցաւ 5րդ խումբը՝ Վարդանի ղեկավարութեամբ, ապա վեցերորդ եւ եօթներորդ խումբերը՝ Աւչարեանի եւ Իշխան Արղութեանի հրամանատարութեն տակ։

Սպայակոյտի եւ խմբապետներու միջեւ գրեթէ ամբողջ գրագրութիւնը կը կատարէի ես։

Կովկասի մէջ թէ Պարսկաստան, ամէնուրեք, տաք կռիւներու ընթացքին ամենալաւ կարծիքները, կը լսէի մեր կամաւորներու հասցէին: Նոյնը եւ Վանի ու Բայազէտի շրջանին մէջ։

Զօր. Միլշյայեսկիի համաձայնութեամբ, ես առաջնորդեցի Անդրանիկը էր մօտ եւ երեք ժամուան խորհրդակցութենէ մը ետք, որոշուեցաւ հայ խումբէրն ուղարկել չորս գլխաւոր ուղղութիւններով՝ Օլթիի, Սարիղամիշի, Իգդիրի եւ ապա՝ Պարոկաստանի գիծերով։

Ռուս զօրաւարը շատ գոհ մնաց Անդրանիկի տուած տեղեկութիւններէն եւ ռազմադաշտի իր ծա—