Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/218

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նօթութենէն։ Ես ներկայ էի այդ խորհրդակցութեան որպէս թարցման:

Կանգ պիտի չառնեմ կամաւորական խումբերու հերոսական կռիւներու պատմութեան վրայ։ Ինչպէս ըսի նախապէս, այդ մասին գիրքեր կան, որոնցմէ կարելի է ծանոթանալ թէ ինչպիսի գովեստներով կը խոսին մեր զինուորներու եւ հրամանատարներու մասին զօրավարներ Տրուխինը, Կալիտինը, Բարատովը, Օգանովսկին, Չերնոզուբովը եւ Նիկոլայեւը։ Բանակին ուղղուած իրենց հրամաններու մէջ, անոնք կը մատնանշէին Հայ կամաւորներու քաջութիւնը. կը մատնանշէին այդ ե՛ւ կաթողիկոսին ե՛ւ սպայակոյտին ուղղուած իրենց դրութիւններու մէջ։

Այժմ պիտի անցնիմ մե կամաւորական բանակի գործունէութեան երկրորդ շրջանին, երբ 1915ին կոմս Վորոնցով—Դաշկովը թողուց կովկասը եւ ընդհանուր կացութիւնը փոխուեցաւ։ Բայց մինչ այդ, կարեւոր կը համարեմ լուսաբանել մէկ փաստ։

Յայտնի է, որ տեղի ունեցան պարտութիւններ եւ Հայկական ջարդեր: Եւ որովհետեւ կամաւորական խումբերը կազմել էին ռուսահայերը եւ գլխաւոր մասնակցութիւնը բերած էր Հ. Յ. Դաշնակցութիընը, սկսաւ մեծ պայքար մը ռուսահայութեան եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան դէմ՝ մեղադրելով մեզ Հայկական ջարդերուն մէջ: Ծայր տուին անողոք քննադատութիւններ եւ կամաւորական բանակի գոյութիւնն իսկ համարուեցաւ վտանգաւոր:

Սակայն, պէտք է ըսեմ, որ բացի ռուսահայերէն, որոնք կամաւոր կերպով պայքարի մտան տաճիկներու դէմ Կովկասի ճակատին վրայ, թրքահայերը եւս