Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/219

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կամաւորական բանակներ կազմեցին տաճիկներու դէմ՝ Սուրիոյ եւ Պաղեստինի ճակատներուն վրայ։ Եւ յետոյ, մի՞թէ միայն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն էր, որ պաշտպան կանգնեցաւ կամաւորական բանակ ըստեղծելու գաղափարին։ Մի՞թԷ ժողովրդական կուսակցութիւնը եւ հնչակեանները նոյն գաղափարի պաշտպանները չեղան։ Նոյնը կարելի է ըսել անկուսակցականներու մասին: Հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերը համաձայն էին այդ խնդրի մէջ։

Որ թրքահայ ջարդերու մէջ մեղաւոր չէր կովկասահայութիւնը, ատոր լաւ ապացոյցը 1896ի, 1910ի ջարդերն են, որոնց ենթարկուեցան Թուրքիոյ ոչ — թուրք ժողովուրդները։ Այն ժամանակ, հօ կամաւորական շարժումներ չկային։ Թուրքը գիտէր, որ Հայկական հարցի լուծման արմատական ձեւր հայ տարրի փաստական ոչնչացումն էր. հետեւողական ծրագիր մը, զոր ան գործադրեց Հայերու նկատմամբ՝ պատերազմի ատեն։ Այսօր ալ նոյն ծրագիրը նոյն ձեւերով Թուրքիա կը գործադրէ քիւրտերու նկատմամբ:

Որոշ Է, որ լինէր թէ չլինէր Հայ կամաւորական շարժումը, թուրքերը պիտի կատարէին իրենց ոճիրը, որովհետեւ Հայկական հարցը վտանգաւոր կը համարէին թրքական կայսրութեան ամբողջութեան տեսակէտէն։ Անոնք իրենց առջեւ ունէին բուլղարներու, սերբերու, յոյներու օրինակը:

Թէ թուրքը ինչպիսի հասարակ աչքով կը նայէր հայկական ջարդերու վրայ՝ Համարելով զանոնք բարձր Հայրենասիրական արարքներ, կարող են