Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/22

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«Վարչական քաղաքական խնդիրներէն կառավարութիւնը իրագործեր է միայն հետեւեալները. կազմակերպեր է Հեռագրական գործակալութիւն, (...) սահմաներ է հիւպատոսաբաններ Պաթում, Սոխում, Պաքու՝ յանձնարարելով ի Փարիզի պատուիրակութեան կազմակերպել ներկայացուցչութիւններ եւ հիւպատոսարաններ Եւրոպայի մէջ: Կազմակերպեր է տեղեկատու բաժին[...] իրազեկ պահելու համար իր բոլոր ներկայացուցիչները Հայկական գաղութներու եւ Հայաստանի կացութեան մասին։ Ստեղծեցց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն Պարսկաստանի մէջ, ուղարկուեցաւ այնտեղ դեսպան[...]: Երեւանի մէջ կազմակերպուած է ընդունելութիւն շարք մը պատգամաւորութիւններու, որոնք Հայաստան կու գային ծանօթանալու համար այնտեղի դրութեան եւ առեւտրական կապեր սկսելու»[1]։

Արտաքին քաղաքականութիւնը յղի է անակնկալ եւ գահավէժ իրադարձութիւններով: Այդպիսի դժուարին եւ ծանր հարցերու բարւոք լուծումը կը վոտահուի Խատիսեանին։ Շնորհիւ իր քաղաքական հեռատեսութեան, հոտառութեան, ողջմտութեան եւ վճռականութեան՝ կը յաջողի ապահովել առաւելագոյն նպաստը եւ պայմանները՝ յօգուտ Հայաստանին եւ հայ ազգին։

  1. Ալ. Խատիսեան «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», տպագրութիւն, ապարան համազգային, 1968, էջ 142։