Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/220

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ապացուցանել Էնվէր փաշայի անձամբ ինձ ուղղած հետեւեալ խօսքերը.

«Զիս կանուանէին հայ ժողովուրդի ջարդարար: Ես անարդար կը գտնեմ այդ որակումը։ Երբ զօրքերու հրամանատարը յաղթականօրէն կը ջարդէ թշնամին եւ կոչնչացնէ՝ միեւնոյն ժամանակ զոհաբերելով եւ իր զինուորները, զայն պատուով կընդունեն եւ յուշարձան կը կանգնեցնեն անոր համար։ Բայց երբ առանց մի թուրք զինուորի կորստի. ես ոչնչացուցի թրքութեան թշնամի հայերը, զիս ջարդարար կանուանեն»։

Այս խօսքերու մէջ աւելի սարսափ կայ, քան ցած շնականութիւն: Էնվերը աչքի ինկող թուրք մըն էր, իսկական թուրք մը, որ կռուի դաշտին մէջ կատարւած սպանութիւնը կը նոյնացնէ անզէն ժողովուրդի մը տմարդի ջարդին հետ: Այսպիսի հոգեբանութիւնն ունեցող ղեկավարներու համար միեւնոյն էր թէ կամաւորները կը մասնակցէի՞ն կռուին, թէ ոչ:

Ուրիշ խնդիր է, թէ կամաւորական շարժումը նպաստե՞ց արդեօք մեր վերածնութեան գործին: Այս հարցին պէտք է, որ մենք պատասխանենք, թէկուզ հենց անոր համար, որ պարզենք ապագայ քաղաքական մեր ուղեցիծը։ Բայց այստեղ կանգ առնենք ուրիշ կարեւոր հարցի մը վրայ։

Սխալ է Հայաստանի Հանրապետութեան կազմութիւնը միանգամայն վերագրել պատմական մեծ դէպքերու դասաւորումին, ինչպիսին են յեղափոխութիւնը, պատերազմը, կովկասեան ճակատի լքումը, թուրքերու առաջխաղացումը եւ վերջապէս թուրքերու պահանջը անջատուիլ Ռուսաստանէն եւ