Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/221

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ապա կազմել անկախ հանրապետութիւններ՝ Վրաստան, Հայաստան եւ Ատրբեջան։ Ճիշդ է, որ այս դէպքերը մեծ դեր կատարեցին, բայց պէտք չէ մոռնալ եւ ժողովուրդի հոգեբանական վիճակը, որ պատրաստւած էր դարերու ընթացքին եւ պիտի ժայթքէր քաղաքական նպաստաւոր պայմաններու մէջ։ Չեխիան եւ Լեհաստանը մինչեւ այսօր ալ չէին լինի ազատագրուած՝ եթէ Ռուսաստանը, Աւստրիան եւ Գերմանիան չպարտուէին։ Հայերը նոյն վիճակի մէջ էին եւ գուցէ աւելի վատ:

14րդ դարու վերջերը, Կիլիկիոյ մէջ վերջ դրուեցաւ հայկական վերջին անկախութեան ու Հայ ժողովուրդը 500 տարիներու ընթացքին ինկաւ օտար պետութիւններու լուծի տակ: 500 երկար տարիներ...։ Հայ ժողովուրդը չկորսնցուց իր ազգային դիմագիծը եւ ազատատենչ ոգին։ Անոր տիրեցին թոյլ մշակոյթի տէր ազգէր՝ տաճիկնելն ու պարսիկները։ Միայն 19րդ դարու մէծ ռուսական տիրապետութիւնը հայկական մէկ մասին ներշնչեց նոր գաղափարներ եւ կապեց ռուսական ու եւրոպական ժողովրդապետութեան հետ։ Թուրք իրականութիւնը կր ճնշէր Հայ ստեղծագործ ոգին, որու զարգացման համար չկային նպաստաւոր պայմաններ։

Ահա թէ ինչու, երբ հայ ժողովուրդը կանգնած եղաւ անկախ պետութիւն ստեղծելու անհրաժեշտութեան առաջ, իր առջեւ ցցուեցան պետական լուրջ նշանակութիւն ունեցող եւ անմիջապէա լուծում պահանջող դժուարին հարցեր։ Նախ՝ պէտք էր կազմակերպել պետական միութիւնը երկու հատւածներու, որոնք տարբեր կեանքի ելած՝ տարրեր հո—