Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/222

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գերանութիւններ ունէին։ Պէտք էր կազմակերպել սեփական բանակ, որմէ զրկուած էինք դարեր շարունակ։ Պէտք էր գտնել պետականօրէն մտածող մարդիկ, որ կապուած լինէին Հայ պետականութեան հետ։ Մենք ունեցած էինք, պետական բարձր պաշտօնեաներ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Պարսկաստանի, Ռումինիոյ, Հունգարիոյ եւ Լեհաստանի մէջ, բայց անոնք աշխատած էին օտար երկիրներու եւ օտար շահերու համար:

Երբ այս տեսակէտերէն մօտենալու լինէինք խնդիրներու լուսաբանման, կը տեսնէինք, որ ութ հազար հոգինոց հայկական բանակ մը, Հայ Հրամանատարներով, Հայ հոգեբանութեամբ, պատրաստ ամէն րոպէ պաշտպանելու Հայկական շահերը, պատմական եւ քաղաքական մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կազմութեան գործէն մէջ։ Ճիշդ է, 1914թուին, մեզմէ ոչ ոք գիտէր, որ 1918ին մենք պիտի կազմենք անկախ պետութիւն։ Հետագայ դէպքերը գարգացան այդ ուղղութեամբ։ Եւ մեծ պատերազմի հովերը պէտք է փչէին, որ սթափէր դարերով նիրհած, բայց չմեռած Հայ ստեղծագործ ոգին։ Հայ ժողովուրդը անհատապաշտ էր տակավին եւ անընդունակ՝ ընդհանրական աշխատանքներու:

Վրացիները ունէին ընդհանրական ոգի, որ ը դիւրացնէր անոնց պետական շինարարական գործը։

Այո տեսակէտէն ալ, Հայ կամաւորական շարժումը, որպէս ընդհանրական գործ, կամրապնդէր մեր պետականութեան հիմքերը։ Կամաւորական շարժումը աչքի կիյնար ե՛ւ իր ռամկավարութեամբ: