Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/223

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Գերիշխող տարրը այնտեղ Հայ գիւղացին էր, Հայ ռամիկը, որ լայնօրէն իր աջակցութիւնը կը բերէր կամաւորական բանակին: Անկախութեան օրերուն, Հայ բանակն ալ նոյն յատկութիւնն ունէր։

Դրամատիրական դասը մեզ հետ չէր։ Ծանր օրերուն ան կը փախչէր ժողովուրդէն եւ անոր մօտ կու գար հրճուանքի եւ ուրախութեան պահերուն։ Յաճախ ստիպուած կը լինէինք բանտարկել Հայ վաճառականը, որ կը մերժէր վճարել իր տուրքը Հայ բանակի կազմութեան համար։

Թէ որքա՜ն մեծ էր ժողովուրդի զոհաբերութիւնը, կարող են ապացուցել հետեւեալ թիւերը։ Ամբողջ հայութիւնը կամաւորներու օգտին հանգանակեց 1,444,000 ռուբլի, որմէ 1,021,000ը տուած են ռուսահայերը։ Եւրոպան տուած է 422,000 ռուբլի, որմէ 342 հազարը՝ Ամերիկան։ Եգիպտոսը հանգանակած է 55 հազար ռուբլի։ Ռուս գանձարկղը յատկացուցած է 4,000,000 ռուբլի։

Առաջին ձմեռը կարելի է Համարել ռուս բանակի առաջխաղացման եւ հայ կամաւորական բանակի փայլուն յաղթանակներու շրջան։

Միւս գլուխի մէջ, մանրամասն կանգ պիտի առնեմ 1914ի դեկտեմբերեան դէպքերու, Նիկոլայ Բ-ի Թիֆլիս ժամանման եւ Սարիղամիշի կռիւներու վրայ:

Այսօր, պիտի բաւականանամ միայն նկարագրելով այն փաստը, որ Նիկոլայ Բ. ցարը կը շրջէր