Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/224

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Թիֆլիսի քաղաքի հիւանդանոցները, իսկ ես կուղեկցէի անոր՝ որպէս քաղաքագլուխ: Ցարը այցելութիւն տուաւ նաեւ կամաւորական բանակի հրամանատարներէն Դրոյին, որ վիրաւորուած պառկած էր հիւանդանոցին մէջ։ Ես պատմեցի ցարին հայ կամաւորներու քաջագործութիւններու մասին. նոյնը հաստատեցին եւ ցարին շրջապատող ռուս զօրավարները եւ ցարը Դրոյին շնորհեց Գէորգեան զինուորական խաչը իր քաջութեան համար։

1915ին, ռուս բանակը մտաւ Թուրքիոյ խորերը: Հայ կամաւոարները, միշտ որպէս յառաջապահներ, քաջօրէն կը կատարէին զինուորական բոլոը աշխատանքները՝ որպէս կռուողներ, հետախոյզներ եւ պաշտպաններ հայ գաղթականութեան:

Կովկասի մէջ կատարուեցաւ վարչական մեծ փոփոխութիւն։ Հրաժարեցուեցաւ Փոխարքայ Վորոնցով—Դաշկովը։ Անոր փոխարինեց զօրքերու գլխաւոր հրամանատար՝ մեծ իշխան Նիկոլայ Նիկոլայեւիչը, որու մասին դեռ պէտք է խօսիմ։

Սկսաւ նոր քաղաքականութիւն մը, նոր շրջան մը։ Փոխուեցաւ ե՛ւ վերաբերմունքը դէպի Հայ կամաւորները։ Նիկոլայ Նիկոլայեւիչի նշանակումը անձնաւորութիւններու փոփոխութիւն չէր միայն։ Թրքահայաստանը գրաւուած էր. պէտք էր ռուսացնել այդ հողամասը:

Ես, որպէս ներկայացուցիչ հայ կամաւորական բանակի. իսկոյն զգացի վերաբերմունքի փոփոխութիւնը, որու գլխաւոր պատճառները հետեւեալն էին.

Ամէնէն առաջ, ռուս կառավարութիւնը կը վախնար, որ հայ կամաւորական բանակը, լեհ կամ